Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Սեպտեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Մուսալերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Մուսալեռի յուշահամալիրին մէջ կազմակերպուած պատարագին եւ հարիսայի օրհնութեան արարողութեան: Այս մասին կը յայտնէ “Հայերն Այսօր”-ը։

Ձեռնարկին ներկայ էին Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան, Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տէր Սիոն եպիսկոպոս Ադամեան, այլ պաշտօնեաներ, զբօսաշրջիկներ, ուխտաւորներ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններուն կողմէ ` հայոց անմեղ նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար պատարագ մատուցուեցաւ, ապա Սիոն եպիսկոպոս Ադամեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այսօր, իրօք, տօն է հայոց աշխարհի մէջ. տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած են Մուսալերան հերոսներու շառաւիղները: Սիրով ու ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ բոլորս Մուսալերան փառաւոր 100-ամեայ տարեդարձի առիթով: Հարիւր տարի առաջ թուրքը որոշեց աշխարհի երեսէն ջնջել հայ ժողովրդը` միայն մէկ հայ թողնելով, այն ալ թանգարանի մէջ: Իրականութիւն չդարձաւ անոր երազանքը: Հայու անպարտ ոգին ըմբոստացաւ, եւ մուսալեռցիները անհաւասար մարտին կրցան յաղթել: Այսօր Մուսալեռ ըսելով կը հասկնանք յաղթանակ, հպարտութիւն եւ հայու  կամք: Սիրելի մուսալեռցիներ շնորհակալ ենք, որ կը պահպանէք մեր պապերու թողած բոլոր աւանդոյթները, յատկապէս խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այնճարցիներուն, որոնք իւրօրինակ, փոքրիկ Հայաստան մը կերտած են Լիբանանի մէջ եւ իրական Մուսալերան ոգին ու շունչը կրցած են պահպանել եւ փոխանցել սերունդներուն»:

Իր խօսքին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց տարբեր երկիրներու մէջ եւ, յատկապէս, Թուրքիոյ Վագըվ գիւղին մէջ հաստատուած մուսալեռցիներ, որոնք,  յաղթահարելով  դժուարութիւնները, եկած են մասնակցելու ձեռնարկներուն:

Նախարարը շնորհաւորեց ներկաները նաեւ յառաջիկայ Անկախութեան տօնին առիթով եւ ըսաւ. «Մեր պապերու ցանկութիւնն ու երազանքը իրականութիւն դարձաւ 1991 թուականին, եւ մենք, անոնց կամքին ու ոգիին համաձայն, վաղը միասնաբար պիտի նշենք Ազատ, Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան տօնը, այդ հրաշալի առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորդ: Մենք նաեւ, ի հեճուկս, թուրքի, ոչ միայն Ազատ ու Անկախ Հայաստան, այլեւ Արցախի Հանրապետութիւն ստեղծեցինք: Այսօր մենք ունինք երկու անկախ հանրապետութիւն:

Յիշեցէ՛ք, Հայաստանը համայն հայութեան Հայրենիքն է, Հայաստանը բոլորինս է: Մենք ողբի ու որբի Հայրենիքէն այսօր կը կառուց ենք ազատ, անկախ, հզօր Հայաստան»:

Ներկաները ողջունեց Մուսալերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Հայրենակիցնե՛ր,  մենք թուրքին յաղթած ժողովուրդ ենք, այս տօնակատարութիւնը յաղթանակի տօնակատարութիւն է, միշտ եւ ամենուրէք պէտք է հպարտ ըլլանք  հայ  եւ մուսալեռցի ըլլալու համար, հայը յաղթանակած ազգ է այժմ, ընդմիշտ եւ յաւիտեան»:

Մուսալեռցի գործիչներ Եսայի Հաւաթեան, Պերճ Ղազարեան, Յակոբ Ճամպազեան, Ժորժ Գէորգեան Մուսալերան հերոսամարտի 100-ամեակին առթիւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ թանգարանային համագործակցութեան մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուեցան Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի «Երուանդ Լալայեան» յուշամետալով եւ արժանացան Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրման պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի բարեկամ տիտղոսին:

Ներկաները իրենց կատարումներով  ողջունեցին Արսէն Գրիգորեան (Մրոն),   շարք մը պարային խումբեր եւ անհատ կատարողներ:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարիսայի օրհնութեան կարգ, որմէ յետոյ այն բաժնուեցաւ ուխտաւորներուն: